2011-07-29 12:47:51

Շուշի- Իտալացի Քանդակագործներու Մասնակցութիւնը ՜՜Յակոբ Գիւրճեան՝՝ Միջազգային Սիմփոզիումին։


Մինչ Ազրպէյճան կը շարունակէ իր ջղագարութիւնը` Ղարաբաղ այցելողներու հետ կապուած, եւ կը յայտարարէ, որ անոնց առջեւ պիտի փակուին բոլոր դռները եւ ազրպէյճանցիներուն համար անոնք պիտի դառնան անբաղձալի անձնաւորութիւններ, իտալացի քանդակագործները կը շարունակեն Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ ստեղծել իրենց նոր գործերը:
Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ 18 յուլիսին սկսած «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի առաջին միջազգային սիմփոզիումի իտալացի մասնակիցներուն չի հետաքրքրեր, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ կը յայտարարէ եւ ինչպէ՛ս կը վերաբերի իրենց այցելութեան նկատմամբ: Անոնք կը շարունակեն իրենց աշխատանքները, որոնք արդէն աւարտին կը մօտենան. քանդակագործները իրենց ստեղծագործութիւններուն վերջին յղկումները կը կատարեն` սիմփոզիումի փակումէն առաջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.