2011-07-29 12:48:07

ԱՄՆ.ը 40 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Հայաստանին։


Ուաշինկթըն.- ԱՄՆ.ի Ծերակոյտի միջազգային յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսին, հաստատած է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած Հայաստանին օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ նախագիծը: Համաձայն ընդունուած փաստաթուղթին՝ Միացեալ Նահանգները 2012ին 40 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
ԱՄՆ կառավարութեան աղբիւրները կը յայտնեն, որ արտաքին եւ պետական օժանդակութեանց յատկացման համար պատասխանատու ենթայանձնաժողովը հաւասարակշռութիւն պահպանած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ երկու երկիրներուն համար նախատեսելով հաւասար չափի ռազմական օգնութիւն՝ առայժմ առանց յստակ գումարներ ճշդելու:
Ենթայանձնաժողովին կողմէ ընդունուած նախագիծը կը պարունակէ նաեւ կէտ մը, որուն համաձայն՝ Հարաւային Կովկասին յատկացուող տնտեսական օգնութիւնը կրնայ օգտագործուիլ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութիւններու (ներառեալ՝ ԼՂ հակամարտութեան) կարգաւորման համար ահրաժեշտ այլ միջոցներու կիրառման նպատակներու:
Այսուհանդերձ, ենթայանձնաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար առանձին օժանդակութիւն յատկացնելու ոորշում չէ առած: Ենթայանձնաժողովի անդամ, հայամէտ ծերակուտական Ատամ Շիֆ յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը Ծերակոյտի յատկացուցած միջոցները ամբողջութեամբ պիտի օգտագործէ Ղարաբաղին օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Նշենք, որ Քոնկրեսի մէջ շրջանառութեան դրուած նամակով, քոնկրեսի քանի մը անդամներ ենթայանձնաժողովին դիմած էին Հայաստանին 60 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնելու առաջարկով: Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան ենթայանձնաժողովի կողմէ առաջարկուած գումարի փոխարէն Հայաստանին քառասուն միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տալու որոշումը դրական գնահատեց՝ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամի պայմանները:








All the contents on this site are copyrighted ©.