2011-07-28 12:04:34

Փիլիպպոս Առաքեալի Գերեզմանը Ի Յայտ Եկած Է Իտալացի Հնախոյզերու Խումբի Մը Կողմէ։


32 տարիէ ի վեր հնագիտական պեղումները գլխաւորող իտալացի հնագէտ Ֆրանչեսքօ տ՛Անտրիա յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը, այսպէս կը հաղորդեն Թրքական լրատուամիջոցները։
Նշելով, որ շուրջ երկու հազար տարի առաջ քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով հռոմէացիներու կողմէ սպաննուած Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը յայտնաբերուած է Հիերապոլիս (Փամուքքալէ) հնամենի քաղաքին մէջ, իտալացի հնագէտը ըսած է, որ «Ս. Փիլիպպոսը, որ Աւետարանին մէջ կը յիշատակուի, շատ մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնեայ աշխարհին համար: Անոր գերեզմանին յայտնաբերումը ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ»:
Խօսելով կատարուած պեղումներուն մասին` փրոֆ. տ՛Անտրիան ըսած է, որ իրենք տարիներ շարունակ ամբողջովին այլ վայրի մէջ կը փնտռէին Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը:
«Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսը նահատակ կը նկատուի: Այդ պատճառով ալ անոր ի պատիւ Նահատակներու բլուրին վրայ կառուցուած եկեղեցին կը կոչուի Մարտիրոս: Հնագէտները երկար տարիներ կը կարծէին, որ Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը կը գտնուի այդ եկեղեցիին մէջ: Սակայն պեղումներու ժամանակ այդտեղ գերեզման չէ յայտնաբերուած: Մէկ ամիս առաջ այդ եկեղեցիէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ այլ եկեղեցւոյ մը հետքը գտանք: Իսկ երբ սկսանք պեղումներուն, գտանք Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը, զոր առայժմ չենք բացած: Սակայն յառաջիկային պիտի բանանք», ըսած է իտալացի փրոֆեսէօրը` նշելով, որ գերեզմանը քրիստոնէական ամբողջ աշխարհին համար ուխտատեղի պիտի դառնայ:

Փիլիպպոս Առաքեալ - Փիլիպպոս առաքեալ Բեթսայիդայէն էր, Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալներուն քաղաքէն: Յիսուս երբ զինք առաքելութեան կը կանչէ, ան (Փիլիպպոս առաքեալը) առանց ժամանակ կորսնցնելու, կ’երթայ եւ կ’աւետէ Նաթանայէլին որ գտած են այն մարդը՝ որու մասին Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է: Փիլիպպոս առաքեալ երեք տարիներ հետեւելէ ետք Քրիստոսին, միւս առաքեալներուն նման, կ’անցնի առաքելութեան եւ ըստ աւանդութեան կը քարոզէ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ կը նահատակուի խաչելութեամբ:
Նշենք թէ ներկայ Փամուքքալէ` երբեմնի Հիերապոլիս, զբօսաշրջիկութեան վայր մըն է, որ նշանաւոր է իր հանքային տաք աղբիւրներով ու մրրական սպիտակ ժայռերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.