2011-07-28 11:49:51

Պենետիկտոս ԺԶ.ի՝ Քահանայութեան 60-ամեակին Առթիւ՝ Գերմանիոյ Թրաունշթայն Քաղաքը Համերգ Մը Կը Կազմակերպէ Ի Պատիւ Սրբազան Հօր։


Շաբաթ 30 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մէջ, Սրբազան Պապի քահանայութեան 60-ամեակին առթիւ, Գերմանիոյ Թրաունշթայն քաղաքի նախաձեռնութեամբ` տեղի կ՛ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ .ի համար մեծարանքի երեկոյ մը։ 1951-ի յուլիս 8-ին Սրբազան Քահանայապետը Թրաունշթայնի մէջ մատուցած էր իր քահանայութեան առաջին պատարագը։ Մեծարանքի երեկոյին ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին պիտի յանձնուի Թրաունշթայնի <<Պատուոյ Մատանին>>` որը՝ 1969-ին հաստատուած շքանշան մըն է, եւ որ ժամանակի ընթացքին շնորհուած է միայն 7 անձնաւորութիւններուն՝ որոնք տեղական հասարակութեան ի նպաստ աշախատած էին։ Շքանշանի տուչութենէ զատ Գերմանիոյ Պավարիա մարզի Թրաունշթայն փոքր քաղաքը համերգ մը կը ձօնէ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի ի պատիւ որ տեղի կ'ունենայ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2006-ի փետրուարին Թրաունշթայնի քաղաքապետարանի կողմէ ստացած էր նաեւ Պատւոյ Քաղաքացիութիւն։ Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը իր մանկութիւնը անցուցած էր Աւստրիոյ սահմանակից Թրաունշթայն փոքր քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ 1939-1943 ապրած է Թրաունշթայնի փոքր նորընծայարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.