2011-07-28 12:10:30

Հնդկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն-ամպիոնը, Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ։


Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ այսուհետեւ պիտի գործէ ժամանակակից հնդկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն-ամպիոնը, որ հնդկագիտութեան ուսումնասիրութիւնը աւելի լուրջ հիմքերու վրայ պիտի դնէ:
Արդէն սեպտեմբերին Հնդկաստանէն հրաւիրուած դասախօսը նորաբաց կեդրոն-ամպիոնին մէջ արեւելագիտական բաժանմունքի մագիստրոսութեան ուսանողներուն համար դասախօսութիւններ պիտի ներկայացնէ Հնդկաստանի ժամանակակից քաղաքակրթութեան եւ գրականութեան վերաբերեալ:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ յառաջիկային ամպիոնին մէջ պիտի ուսանին 10 ուսանողներ, սակայն կեդրոնին դռները բոլորին համար բաց պիտի ըլլան:








All the contents on this site are copyrighted ©.