2011-07-28 12:12:18

՜՜Վիվասէլ-Էմ.Թի Էս՝՝ Բջիջայինի Պաստառէն Երեւանի Իրադարձութիւններուն Հետեւելու Կարելիութիւնը Կը Ստեղծէ։


«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը ներկայացնէ նոր «Առցանց տեսախցիկներ Երեւանի մէջ» ծառայութիւնը, որուն միջոցով կարելի է Երեւանի տարբեր վայրերուն մէջ տեղադրուած առցանց տեսախցիկներու միջոցով հետեւիլ մայրաքաղաքի իրադարձութիւններուն` անմիջապէս հեռախօսի պաստառէն:
Ծառայութենէն օգտուելու համար բաւարար է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի wap փորթըլէն (wap.mts.am) մուտք գործել «Առցանց տեսախցիկներ Երեւանի մէջ» բաժինը եւ ընտրել Երեւանի մէջ տեղադրուած որեւէ տեսախցիկի յղումը:
Ծառայութենէն օգտուելու համար` օգտագործուած իւրաքանչիւր մեկապայթի համար պէտք է վճարել 300 դրամ: Ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սակագինը կը գործէ «Առցանց տեսախցիկներ Երեւանի մէջ» բաժինին մէջ տեսախցիկի յղումը սեղմելու պահէն սկսեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.