2011-07-27 12:44:04

Հայաստանի Ճատրակի Հաւաքականը Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Կը Շահի


Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի խմբային առաջնութեան վերջին՝ 9րդ
փուլին, առաջին դիրքը գրաւած Հայաստանը, 2-2 հաշիւով աւարտեց Ուքրանիոյ խումբին դէմ իր մրցումը եւ այդպիսով ապահովեց աշխարհի ախոյեանը դառնալու իրաւունքը:
Ուքրանիոյ դէմ մրցումին կը պայքարէին Վասիլի Իւանչուկ՝ ընդդէմ Լեւոն Արոնեան, Սերգէյ Մովսիսեան՝ ընդդէմ Պաւել Էլիանով, Զահար Էֆիմենքօ՝ ընդդէմ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան՝ ընդդէմ Ալեքսանդր Մոյսենքոյիք:
Ուքրանիոյ հետ հաւասարութեամբ, տասը հաւաքականներու պայքարին մէջ Հայաստանի խումբը 14 միաւոր ապահովեց եւ գրաւեց առաջին հորիզոնականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.