2011-07-27 12:39:30

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Վազգէն Շուշանեան (1902-1941).


Ճիշդ 70 տարի առաջ, 194-1ին , ծանր թոքատապով փարիզեան հիւանդանոցի մը մէկ անկիւնը ինկած, Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհը ապրող ողջ աշխարհէն մոռցուած, բայց համայն աշխարհի եւ մարդկութեան, այլեւ ու մանաւանդ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր արդէն վտիտ ուսերուն շալկած՝ կեանքէն անդարձ կը մեկնէր հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն Վազգէն Շուշանեան։

Միայն 39 տարի ապրեցաւ Շուշանեան, բայց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը նուաճեց իբրեւ տաղանդաւոր այն արձակագիրն ու հրապարակագիրը, որ մարմնաւորեց մեր ժամանակներու Առաջին Սփիւռքահայու կերպարը՝ ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ, թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ, մանաւա՛նդ, իրգ րական վաստակով։

1902-ին Րոտոսթօ ծնած եւ մանկութեան ու պատանութեան տարիները աքսորի եւ պանդխտութեան, արեան ու արհաւիրքի ճամբաներուն վրայ մաշեցուցած զգայուն տղայ մըն էր Վազգէն Շուշանեան։ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին զոհ գացած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն անդարմանելի կորուստը աւելիով ծանրացուց եւ խորագոյն խոց բացաւ հայրենի իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած հայ որբի Շուշանեանական ներաշխարհին վրայ։ Եւ ճակատագիրը ո՛ւր որ տարաւ զինք՝ Հալէպ, Պոլիս, Հայաստան թէ Ֆրանսա, Վազգէն Շուշանեան ամէնուրէք երգի վերածեց Հայուն մեծ վէրքը՝ սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներուն ամէնէն փնտռուած եւ սիրուած հեղինակը դառնալով։

1922-ին Վազգէն Շուշանեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Ֆրանսա, Փարիզ եւ Մարսէյլ, ուսումը շարունակելու նպատակով։ Ապրուստն ու կեցութիւնը ապահովելու համար բանուորութիւն ըրաւ եւ սեփական մորթին վրայ զգաց դրամատիրական կարգերու ահաւոր անարդարութիւնը։ Վկայուեցաւ Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չառաւ ուսումնառութեան ճամբու կէսին։ Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930-ին վկայուեցաւ Ընկերային Գիտութեանց մէջ։

Շուշանեան գլխաւորողներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններուն դէմ պայքարի ճակատ բացած ՝՝Մարտկոցական՝՝ շարժումին, որ իր անունը ստացաւ 1932-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած ՝՝Մարտկոց՝՝ թերթէն։ Թէեւ նոյնինքն ՝՝Մարտկոց՝՝ի էջերէն Շուշանեան միշտ նախանձախնդիր եղաւ, որպէսզի ղեկավար դաշնակցականներու դէմ ուղղուած իր կատաղի յարձակումները չծառայեցուին Դաշնակցութեան դէմ, այսուհանդերձ՝ համայնավարական սադրանքը նենամտութեան մեծ ներուժ ունէր եւ կրնար ծանրաոյն հիասթափութեան մղել Շուշանեանին։
Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը պատճառ դարձաւ Շուշանեանի մահուան, 1941ի Յունիս 2-ին։ Հայաստանի եւ հայկական յեղափոխութեան բոցաշունչ երգիչը դժբախտ եղաւ նաեւ իր մահով, որովհետեւ չունեցաւ շիրիմ եւ թաղուեցաւ հասարակաց գերեզմանափոսի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.