2011-07-26 12:56:21

Մոկատիշի Առաքելական Կառավարիչը Կը Խօսի Սննդառութեան Տագնապին Մասին Ընդգծելով Որ Մարդասիրական Գործին Պէտք Է Ընկերանայ Քաղաքական Ներգործութիւն Մը։


Ճիպութիի եպիսկոպոսը եւ Մոկատիշի առաքելական կառավարիչը՝ գերապայծառ Պերթան յայտարարութեամբ մը ըսաւ հարաւային Ափրիկէի մէջ, վազքը որ կը կատարուի ներկայիս, ստոյգ մահէն փրկելու համար միլիոնաւոր մարդիկ, պէտք չէ մոռնալ տայ հիմնական հարցը, որ է՝ պետական կառոյցներու պակասը։ Այդ մարդասիրական օգնութիւնները ժամանակաւոր են, հարկ է պետութեան կողմէ կառոյցներու ստեղծում՝ ընկերութեան հարցերը լուծելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.