2011-07-26 12:30:12

Լուսանկարային Վահանակ՝ Արցախի Եւ Արցախցիներուն Մասին։


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ լուսանկարային վահանակի մը` նուիրուած ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժման արդի հանգրուանին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութեանց համաձայն, ներկայացուած են Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան խորհրդանիշը, քարտէսը, համառօտ տեղեկատուութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերեալ, լուսանկարային նիւթեր, որոնք կը պատմեն ղարաբաղեան շարժման, ի պատասխան արցախցիներու խաղաղ պահանջներուն` Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, երկրամասի բնութեան եւ տեսարժան վայրերուն, յետպատերազմեան կեանքին եւ վերաշինութեան հոլովոյթին, կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ Արցախի ժողովուրդին ձեռքբերումներուն մասին եւ այլն:
Զբօսաշրջիկներու համար նախատեսուած յատուկ անկիւնին մէջ զետեղուած է տեղեկատուութիւն` հանրապետութեան տարածք մուտքի եւ ելքի կարգի, պանդոկներուն մասին, ինչպէս նաեւ այլ օգտակար տեղեկութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.