2011-07-26 12:29:39

Ըստ Մեթիու Պրայզայի ՜՜ Պաքուի Հայկական Եկեղեցին Օր Մը Իր Դռները Պիտի Բանայ Հաւատացեալներուն Առջեւ՝՝։


Ազրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքէջին համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա կը հաւատայ, թէ Պաքուի հայկական եկեղեցին օր մը իր դռները պիտի բանայ հաւատացեալներուն առջեւ: Կը նշուի, որ Պրայզա քանի մը օր առաջ այցելած է Պաքուի հայկական եկեղեցին եւ «բաւարարուած է կրօնական յուշարձաններուն նկատմամբ քաղաքացիներուն եւ իշխանութիւններուն վերաբերմունքով»:
23 յուլիսին ԱՄՆ.ի դեսպանը այցելեց նաեւ ուտիական եկեղեցի եւ Կապալայի շրջանի Նիճ գիւղին մէջ հանդիպում ունեցաւ ուտիներու համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.