2011-07-26 12:29:17

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նորվեկիոյ Եկեղեցապետին Ուղղած Նամակով Կը Դատապարտէ Օսլոյի Ահաբեկչական Արարքները։


Նորվեկիոյ Լուտերական ազգային եկեղեցւոյ պետին ուղղած իր նամակով Արամ Ա. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց վերջերս Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական զոյգ արարքները: Ինչպէս ծանօթ է, ռումբ մը պայթեցաւ Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքի կառավարական շէնքին մէջ` պատճառելով եօթը մեռեալ եւ նիւթական հսկայ վնասներ, եւ ապա ժամ մը ետք նորվեկիացի երիտասարդ մը ահաւոր ջարդի ենթարկեց Օսլոյէն քիչ անդին գտնուող կղզեակին մէջ գումարուող երիտասարդական համագումարին մասնակիցները, ուր զոհուեցան շուրջ հարիւր պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Իր նամակին մէջ վեհափառը դատապարտելով յիշեալ ոճրային արարքները կ՛ըսէ. «Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ բոլոր կրօններուն պատկանող նոր սերունդները դաստիարակուին սիրոյ, համակեցութեան, փոխադարձ հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան հասարակաց արժէքներով»:
Վեհափառը դատապարտումի եւ զօրակցութեան նամակ մը ուղղեց նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, որ ազգութեամբ նորվեկիացի է:








All the contents on this site are copyrighted ©.