2011-07-25 16:09:56

Խանասորի Արշաւանքին 114-ամեակը


25 Յուլիս 1897--ին Տեղի Ունեցաւ Խանասորի Արշաւանքը։
114 տարի առաջ, 24էն 25 Յուլիսի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը։
Շարաֆ պէյը՝ սուլթան Համիտի կազմած քրտական Համիտիէ ասպատակային զօրքի հրամանատարներէն էր, որ Վանէն քաղաքական որոշումով հեռացած ու Պարսկաստան ուղղուող հայ ֆետայիներու սպանդով՝ անարգօրէն իրականացնել կը փորձէր հայ ժողովուրդին յեղափոխական կորովն ու խոյանքը, ընկճելու եւ զգետնելու սուլթանական ծրագիրը։ Բայց հայկական արիւնի հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան չմնաց։ Եկաւ Խանասորի արշաւանքը, խորհրդանշելու՝ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատո՛ւ պատասխանը ։
Այսպէս թրքական բռնատիրութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը ստացաւ իր արդար պատիժը։
Ինչպէս որ Խանասորի մասնակիցներէն եւ հայկական յեղափոխութեան լուսաւոր դէմքերէն Գալուստ Ալոյեան պիտի գրէր իր սրտաբուխ բանաստեղծութեան մէջ՝
՜՜Կարկուտ տեղաց խանասորայ դաշտումը,
Ֆետայիներ Դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը
Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,
Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ:
Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը,
Յուլիս ամսոյ քսան հինգին կատարեցէք մեր տօնը՝՝:
Արժանաւորապէս «Խանասորի Արշաւանքին երգը» դարձաւ այդ վկայութիւնը, որ ահա 114 տարի է, որ հպարտութեամբ կը հնչէ հայոց սերունդներու շրթներէն՝ Յուլիս 25ի յաղթական Արշաւանքը վերածելով գաղափարական ներշնչման կենարար աղբիւրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.