2011-07-25 14:48:38

Զուիցերիոյ Գարիթասի Նպաստը Կ'աւելնայ Ի Խնդիր Արեւելեան Ափրիկէի երկիրներուն։


Զուիցերիոյ գարիթասը կ'աւելցնէ իր շտապ օգնութիւնը արեւելեան Ափրիկէի սովի ու երաշտի զոհերուն։ Զուիցերիոյ գարիթասը հիւսիսային Սոմալիայի մէջ ջրհորներ եւ ամբարներ կը կառուցէ աւելի քան 100 հազար երաշտի զոհերու կարիքներուն հասնելու համար , ինչպէս նաեւ խնամատուներ կը բանայ հիւանդները բուժելու։ Ինչպէս նաեւ խմելիք ջուր եւ սնունդ կը բաշխէ հիւսիսային Քենիայի, հարաւային Եւդոպիայի ու Սոմալիոյ զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.