2011-07-25 14:47:44

Եկեղեցւոյ Մը Կառուցումը Ինտոնեզիայի Մէջ Առկախուած Է, Մահմետականներու Եւ Տեղւոյն Իշխանութիւններու ճնշումով` Այսպէս Երկրին Բողոքականները Զրկուած են Եկեղեցիէ Մը Ունենալէ։


Ժավա կղզիի բողոքական հաւատացեալները զրկուած են եկեղեցի ունենալէ քանի որ տեղւոյն քաղաքապետը եկեղեցի կառուցելու արտօնութիւնը ետ առած է անոնց ձեռքէն, հակառակ երկրի Գերագոյն Ատեանի հրամանագրին։ Նախապէս ծայռայեղ մահմետականները բազմաթիւ անգամներ արգելք հանդիսացած են եկեղեցւոյ կերտումին։ Նշենք թէ Ժավայի բողոքական հաւատացեալները, սեփական եկեղեցի մը չունենալով , երկու տարիէ ի վեր իրենց ծիսակատարութիւնները կը կատարեն փողոցը, եւ միշտ մտահոգ՝ ծայռայեղ մահմետականներու բռնութիւններու ենթարկուելէն , միաժամանակ կ'այպանեն քաղաքապետ Պուտիարդոյի անօրէն կեցուածքը, որ կամայականօրէն արգելք կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ շինութեան ու պաշտամունքի ազատութեան։ Յայտնենք թէ բողոքական եկեղեցին վերջերս ստացած է զօրակցութիւնը ''Նահատլադու Ուլամա'' Ինտոնեզիայի իսլամական կարեւորագոյն հաստատութեան , որ կ'ընդգծէ իրաւունքի գերիշխանութիւնը եւ կը դատապարտէ ամէն բռնարարք որեւէ փոքրամասնութեան մը դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.