2011-07-24 15:26:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապեին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապեին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը
Կիրակի 24 յուլիս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանեց հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Այսօրուան Աւետարանին մէջ Յիսուս Աստուծոյ Արքայութիւնը կը նմանցնէ դաշտին մէջ պահուտած գանձի մը։ Ի՞նչպէս զայն գտնել եւ ստանալ։ Մենք կանչուած ենք արձակուրդի ժամանակէն օգտուիլ զԱստուած փնտռելու եւ Իրմէ խնդրելու մեզ ազատագրել անպետ բաներէն։ Հետեւաբար խնդրենք Տիրոջմէն ունենալու խելացի եւ իմաստուն սիրտ մը որպէսզի կարողանայ զԱստուած գտնել։
Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի օրինակը, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, օգնական ըլլայ մեզի։
Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի մը եւ բարի շաբաթ մը։
Հրեշտակ Տաեառն մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ անցեալ ուրբաթ օրը Նորվեկիայի մէջ պատահած ահաբեկիչ ահաւոր արարքներու մասին, որուն հետեւանքով բազմաթիւ մեռեալներ ու վիրաւորներ եղան։ Մեր աղօքը բարձրացնենք զոհերուն, վիրաւորեալներուն ու անոնց պարաքաներուն համար։ Բոլորին կ'ուզեմ կրկնել. ''հեռացէք ցմիշտ ատելութեան ու վրեժխնդրութեան չար տրամաբանութենէն։
Այժմ լեսելի կ'ընենք ՊԵնետիիկտոս ԺԶ Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.