2011-07-23 11:28:56

Ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ Նորվէկիան։ Ահաբեկչական Զոյգ Արարքները կը Խլեն Աւելի քան 90 Զոհեր։Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կը Յայտնէ իր Ցաւակցութիւնները։


Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ գործադրուած ահաբեկչական արարքը մեծապէս ցնցեց համայն աշխարհը։ Պայթումըՙ(մայրաքաղաքի կեդրոնը) քանդեց մէկէ աւելի կառավարական շէնքեր,միւս կողմէ որոշ ժամանակ մը յետոյ, մայրաքաղաքէն 45 վայրկեան հեռու գտնուող այլ վայրի մը մէջ,Աշխատաւորական Կուսակցութեան երիտասարդական ճամբարին մէջ կատարուած հրացանաձգութիւն մը աւելի քան 90 զոհեր խլեց։ Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երիտասարդ մը 32ամեայ ՚ ծայրայեղ քրիստոնեայ մը՚ Անտէրս Պէհրինկ Պրէիվիք որ մեղսակից կը նկատուի նաեւ Օսլոյի պայթումին։
Ահաբեկչական արարքը միջազգային դատապարտումի արժանացաւ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմբույ յայտնեց որ ՝՝մեծապէս ցնցուած է եւ թէ նման արարքներ ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնան ունենալ՝՝ ։ Իսկ Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Հայր Օլավ ֆիքսէ Թըվէիթ ահաբեկչական երկու արարքներուն համար որոնք մեծապէս ցնցեցին Նորվեկիան ըսաւ որ ՝՝ Նորվէկիան այսօր փորձարկեց սահմռկեցուցիչ ու աննախնթաց բռնութիւն մը գործադրուած անմեղներու դէմ՝՝։ Հայր Օլավ Թըվէիթ խնդրեց բոլոր քրիստոնեաներու աղօթքը որպէսզի ՝՝ Նորվէկիան կարենայ միացած մնալ նաեւ ապագային ալ,որպէս Երկիր մը հիւրընկալ ու սիրահար խաղաղութեան՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.