2011-07-22 13:23:23

Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած Ազգային Գիտաժողով Իտալիոյ Անգոնա Քաղաքին Մէջ 3 - 11 Սեպտեմբեր 2011 ։


Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասը, անցեալ 14 յուլիսի յայտարարութեամբ՝ հրատարակած է յառաջիկայ 3 - 11 սեպտեմբերին Իտալիոյ Անգոնա քաղաքի մէջ կայանալիք Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային Գիտաժողովի օրակարգը, որուն փակումը նախատեսուած է 11 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։
Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային Գիտաժողովը սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ 3 սեպտեմբերին, բացման արարողութեամբ մը, գլխաւորութեամբը՝ Պապական պատուիրակ՝ Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Րէի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ՝ կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոյի, Անգոնա - Օզիմօ Թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Էտուարտօ Մէնիքելլիի եւ քաղաքական իշխանութիւններու։
Անգոնա թեմի պատկանող քաղաքները` Օզիմօ, Եէզի, Լորէթօ, ֆապրիանօ եւ Սէնիկալլեան այս կարեւոր հանդիպումին պիտի պատրաստուին 8 օր տեւող՝ զանազան արարողութիւններ ու հանդիպումներ կազմակերպելով, մատնանշելու՝ Սուրբ Հաղորդութեան կարեւորութիւնը առօրեայ կեանքի զանազան դաշտերէն ներս։ Ասոնցմէ յիշենք <<Աստուծոյ խորանին առջեւ- Եւրոպական գլուխ գործոցներ Ռաֆայելլոյէն Թիէփոլօ>> թեմայով ցուցահանդէսը, Ճովաննի Ալլէվի Մաէսթրոյի ու Մարքէ նահանգի նուգախումբի համերգը, Ճանապարհ Խաչին ու Սուրբ Հաղորդութեան Թափօրի արարողութիւնները։
Ներկայացնելով Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային Գիտաժողովի վերջնական օրակարգը Գերպայծառ Մէնիքելլին հաստատած է թէ այս հանդիպումը ունի հիմնական երեք կէտեր` Արարողութիւններ, Ողորմութիւն ու Մշակոյթ։
Գիտաժողովի փակման արարողութեան ընթացքին նախատեսուծ է Սուրբ Պատարագ նաւահանգիստի տարածքին, Հանդիպում ծնողներու ու քահանաներու հետ ու ապա Բլէպիշիթօ հրապարակի վրայ հանդիպում երիտասարդ նշանուած զոյգերու հետ։
Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային Գիտաժողովի առթիւ պատրաստուած է յատուկ կայքէջ մը հասցէով։








All the contents on this site are copyrighted ©.