2011-07-22 13:37:32

Անգլիական Եկեղեցին Կ'ընդգծէ Ս. Երկրի Քրիստոնեաներուն Կարեւորութիւնը։


Պատրաստել դրական յայտագիր մը, որպէսզի Ս. Երկրի քրիստոնեաները չգաղթեն։
Նախաձեռնութեամբ Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէց՝ Ռուան Ուիլեամսին եւ համագործակցութեամբ՝ Ուեսդմինսդերի կաթողիկէ առաջնորդ գերապայծառ Վէնսան Նիգոլսի, 18 եւ 19 Յուլիսին Լոնտոնի մէջ միջազգային գիտաժողով մը գումարուեցաւ ''Ս. Երկրի քրիստոնեաները'' նիւթին մասին։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` կարտինալ ֆուատ Թուալ եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Ժան Լու Թոռան։ Ժողովականները ընդգծեցին հարկաւորութիւնը տեղեակ պահելու հանրային կարծիքը Ս. Երկրի քրիստոնեաներու կացութեան մասին, յայտարարեց Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը, ընդգծելով՝ հարկաւորութիւնը քրիստոնեաներու ներկայութեան Ս. Երկրին մէջ եւ աշխատիլ հիմնադրամ մը ստեղծել դրական ծրագիրներ հիմնելով բարւոքելու քրիստոնեաներու տնտեսական վիճակը։ Նոյնպէս ժողովականները արծարծեցին այլ նիւթեր` երկխօսութիւնը քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու միջեւ եւ մասնաւորապէս կաթողիկէ եւ անկլիգան եկեղեցիներու միջեւ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ, հրեայ եւ մահմետականներու միջեւ։ Կարեւորը՝ ստեղծել վստահութեան կապեր բոլոր համայնքներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.