2011-07-21 14:54:10

Կրօնաբարոյական հարցեր


Ի՞նչ էր Ադամի իսկական մեղքը
Ադամ եւ Եւա ճաշակեցին արգիլուած պտուղէն, ահա ինչ որ կ՛ուսուցանէ մեզի Սուրբ Գիրքը. Թէ ինչ էր այդ խորհրդաւոր պտուղը, թէ ան իսկական հասարակ ծառի մը պտու՞ղն էր թէ խորհրդանշական իմաստ ունեցող բան մըն էր, պիտի ուսումնասիրենք այսօրուայ մեր զրոյցին ընթացքին։
Նախ եւ առաջ զգուշանալու ենք սխալ ըմբռնումներէ. Մարդը չէր կրնար կրել ազդեցութիւնը օտար ազդակներու, որով ան ամբողջական տիրապետութիւնն ունէր իր անձին վրայ եւ հոգին կը տիրապետէր մարմնոյն վրայ. Ուստի ցանկութիւն չէր կրնար ըլլալ մարդուն մէջ։ Այսպէսով կրնանք արդէն մէկդի դնել այն կարծիքները ըստ որոնց Ադամի մեղքը շատակերութեան մեղք էր կամ անբարոյականութեան ծիրին կը պատկանէր։ Մարդուն միտքը չէր կրնար տկար ըլլալ, որովհետեւ ան ունէր բնատուր գիտութիւնը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած, որով ոչ մէկ սխալ կրնար գործել։
Միակ տկար ու խոցելի կէտը մարդուն մէջ` իր կամքն էր. Ան ստեղծուած էր ազատ, ուստի եւ կարողութիւնն ունէր անհամաձայն գտնուելու Արարչին հետ։ Ահա հոս է որ փնտռելու ենք իսկական չարիքը եւ մեղքը։
Մարդ չէր կրնար աւելին ստանալ քան ինչ որ ունէր, սակայն կը մնար այն հարցը թէ ինչ որ ունէր` զայն ստացած էր, ուստի եւ կախում ունէր ուրիշէ մը, այսինքն այս բոլորը իրեն տուողէն։ Ինչ որ տհաճելի կը թուէր մարդուն իր հպատակութիւնն էր ուրիշին, այս պարագային` Աստուծոյ։ Հիմա կրնանք հասկնալ թէ իսկապէս ինչ բանի մէջ կը կայանայ մարդուն մեղքը. Ան չբաւականացաւ մասնակցելու իրեն տրուած շնորհքով` աստուածային կեանքին, այլ ուզեց ջնջել իր հպատակութեան կապը Աստուծոյ հետ. Մէկ խօսքով ուզեց ինքզինք գերազանցել ու աստուածանալ։
Մերժելով հպատակութիւնը Աստուծոյ, մարդ կը ջնջէր էական կէտ մը, որ ամէն ստեղծուած արարածներուն կը պատկանի, ինչ որ հաւասար է ինքզինք բնաջնջելու։ Երբ մարդ արարածը կը մերժէ Աստուծոյ մէջ գտնել իր յենարանը եւ կ՛ուզէ ինքզինք դարձնել ամէն բանի կեդրոնը, նովին գործով կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը։ Երբ կը մերժէ Աստուծոյ հաստատած օրէնքը, կը յեղաշրջէ աշխարհի ներդաշնակութիւնը։
Ահա առաջին մեղքը մարդուն. Անհաւատարմութիւն եւ ապերախտութիւն։
Ուստի Ծննդոց Գրքի պատմուածքը պէտք չէ տառացիօրէն ըմբռնել. Այլապէս ի՞նչպէս օձ մը կրնայ խօսիլ։ Սակայն ինչ որ ստոյգ է, այն է թէ չար հոգի մը գոյութիւն ունէր սկիզբէն եւ ան է որ դրդեց մարդիկը անհնազանդութեան. Արդ ուրկէ՞ կու գայ այս չար ոգին։ Դարձեալ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ աշխարհի ստեղծումէ առաջ` Աստուած ստեղծեց հրեշտակները, որոնք բարի հոգիներ էին. Սակայն անոնցմէ ոմանք ըմբոստացան Աստուծոյ ու անոր ծրագրին դէմ եւ կորսնցուցին իրենց երջանկութիւնը, դառնալով յաւիտենապէս դժբախտ։
Բնական է որ անոնք նախանձեցան մարդ արարածին ընծայուած բարիքներուն վրայ եւ փորձեցին զանոնք եւս նոյն ծուղակին մէջ ձգել, ու յաջողեցան։ Ահա այս է պատմութիւնը մարդկային սկզբնական մեղքին, որով առաջին զոյգը ուզեց ըլլալ նման Աստուծոյ եւ ապրիլ անկախօրէն, տէր դառնալով ամէն բանի։
Այսպէսով` Աստուծոյ նախնական ծրագիրը խափանուեցաւ. Մարդկութիւնը կամովին հեռացաւ աստուածային կեանքի յառաջացուցած ապահովութենէն. Ան գործածեց իր ազատութիւնը ըմբոստանալու համար Աստուծոյ դէմ, փոխանակ ընդունելու պարզապէս զայն, հնազանդելով անոր տուած մէկ հրամանին. Մեր յաջորդ զրոյցին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչ եղան ասոր հետեւանքները մարդկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.