2011-07-21 14:48:02

Ժիպէյլի Մէջ, Մարոնիներու Պշարա Ալ Ռայի Պատրիարքը Ծանօթացաւ ՜՜Թռչնոց Բոյն՝՝ի Առաքելութեան։


Երեքշաբթի, 19 յուլիսի կէսօրին, մարոնիներու Պշարա Ալ Ռայի պատրիարքը ժամանեց Ժիպէյլ քաղաքը, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը իբրեւ պատրիարք Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի, եղած էր իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանը:
Ժողովրդային խանդավառ դիմաւորութեան ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր առաջնորդները, շրջանը ներկայացնող երեսփոխաններն ու նախարարները, ժիպէյլցի ականաւոր լիբանանցիներ, տեղական քաղաքական կազմակերպութեանց ու միութենական շարժումներու ներկայացուցիչներ, բոլոր եկեղեցիներու հոգաբարձական մարմինները եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:
Ժիպէյլի մարոնի համայնքին հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող սոյն այցելութիւնը, առաջինն էր պատրիարքին համար իր գահակալութենէն ետք, որուն առիթով ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ «Էտտեսենտ»ի ծովափնեայ շքեղ ճաշասրահին մէջ: Աւելի քան 1000 հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան ի պատիւ Ալ Ռայի պատրիարքին սարքուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:
Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, սոյն ճաշկերոյթին մասնակցեցաւ «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչը` Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ՝ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի: Հայր սուրբը պատրիարքին փոխանցեց վեհափառին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Պատրիարքը, իր կարգին փոխադարձելով` իր եղբայրական սէրը յայտնեց վեհափառին ու իր հիացումը` հանդէպ տեղւոյն հայ համայնքին: Պշարա Ալ Ռայի պատրիարքը գնահատելով «Թռչնոց բոյն»ի աւելի քան 80 տարիներու մարդասիրական ու որբախնամ առաքելութիւնը, նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց, ի պահանջել հարկին, օժանդակելու հաստատութեան կարիքներուն:










All the contents on this site are copyrighted ©.