ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մէկի դէմ 43 ձայնի տարբերութեամբ, Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին
յարաբերութեանց յանձնախումբը, Արտաքին Գործոց նախարարութեան լիազօրութիւն շնորհեց Անգարայի
ղեկավարութենէն պահանջելու, որ Թուրքիոյ տարածքին, քրիստոնեաներու պատկանող եկեղեցիներ
վերադարձուին իրենց տէրերուն: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է դիմել
Հայ Դատի գրասենեակի կայքէջին: