2011-07-21 14:46:47

Գերապայծառ Չէզարէ Մացցոլարիի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը


Հինգշաբթի 21 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին Հարաւային Սուտանի Ռումպէք թեմի Մայր Տաճարին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Ռումպէքի երբեմնի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Չէզարէ Մացցոլարիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Խարթումի Արքեպիսկոպոս եւ Սուտանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ կարտինալ Կապրիէլ Զուպէյր Ուաքոյի։
Նշենք որ Իտալացի 74-ամեայ Գերապայծառ Մացցոլարի, 1981-էն ի վեր իր առաքելութիւնը կը վարէր Սուտանի մէջ։ Ան իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 16 յուլիսի առաւօտուն Համապատարագի մը ընթացքին, սրտի կաթուածի հետեւանքով։ Անցեալ 18 յուլիսին անոր մարմինը արդէն զետեղուեցաւ, իր կտակի համաձայն` Թեմական Տաճարի դամաբարանին մէջ։
Երբեմնի Էլ Օպէյտի առաքելական վարիչ՝ գերապայծառ Անթոնիօ Մընըկացցոն գերապայծառ Մացցոլարին <<Տիրոջ հաւատարիմ ծառայ>> որակած էր։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.