«Սուրիոյ Հայ Ժողովուրդը Կը Մնայ Կողքին՝ Սուրիացի Ժողովուրդին Եւ Բարեկարգութեան՝՝ Կ՝ըսէ
Արամ Ա. Կաթողիկոսը։
Չորեքշաբթի, 20 յուլիսի առաւօտուն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ` Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային
իշխանութեան ներկայացուցիչները աշխատանքային հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Հանդիպման առանցքը ընդհանրապէս Սուրիոյ ներքին կացութիւնն ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան
դիմագրաւած մարտահրաւէրներն էին: Առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները
վեհափառին մանրամասն զեկուցեցին համայնքի կացութեան առնչուած հարցերուն ու աշխատանքներուն
շուրջ` միաժամանակ արժեւորումը կատարելով Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան: Վեհափառը
գոհունակութեամբ իմանալէ ետք Ազգային առաջնորդարանի եւ իշխանութեան ու յարակից մարմիններուն
կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, շեշտեց ըսելով, թէ` «մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք,
միշտ ըլլալով երախտապարտ այն ջերմ սիրոյն, զոր ցոյց տուին մեզի սուրիացի մեր եղբայրներն
ու քոյրերը Ցեղասպանութենէն ետք: Անոնք իրենց հացն ու ջուրը բաժնեցին մեզի հետ` մեզ նկատելով
ո՛չ միայն բարի դրացի, այլեւ լիիրաւ քաղաքացի սուրիական հայրենիքին: Սուրիոյ հայ ժողովուրդը
միշտ իր պարտականութիւնը կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել սուրիական հայրենիքի վերելքին
ու անոր ամբողջականութեան պահպանման: Այսօր, երբ դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու
դիմաց կը գտնուի Սուրիան, հայ ժողովուրդը երախտագիտութեան ու պարտաւորութեան նոյն զգացումներով
պէտք է ամբողջական զօրակցութիւն արտայայտէ սուրիացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բարեկարգութիւններուն
նկատմամբ»: