2011-07-21 14:15:34

«Սուրիոյ Աշխարհագրկանա Դիրքը ու Մեծ Դերակատարութիւնը Զայն Արտաքին Դաւադրութեանց Թիրախի Կը Վերածեն՝՝ Կ՛ըսէ Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը։


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին յայտնեց, որ « Միջին Արեւելքի սրտին մէջ Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը, արաբական հայրենիքի եւ ընդհանրապէս շրջանի քաղաքականութեանց ու հաւասարակշռութեանց մէջ անոր մեծ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դրացի ըլլալը զայն կը վերածեն բազմաթիւ կողմերու շահերուն ծառայող արտաքին դաւադրութեանց թիրախի մը»:
Մոալլեմ զգուշացուց Սուրիոյ ներկայ տագնապին քաղաքական վտանգներէն` ինչ կը վերաբերի ընթացք առած ու հաւանական արտաքին միջամտութեանց եւ անոնց ստեղծած պառակտումին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ, եւ հակառակ նախորդող տարիներուն իր ապրած դժուարութեանց ու մեկուսացման փորձերուն, յաջողած է իր ազգային կեցուածքներն ու սկզբունքները պահել:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Ալ-Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ներկայ իրադարձութեանց չի միջամտեր, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը լաւ ապագայ մը ունենալու արժանի է:
Միւս կողմէ, Յորդանանի տեղեկատուութեան նախկին նախարար Սալեհ Քալլապ «Ալ-Արապիա»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիան նկարագրեց իբրեւ Թուրքիոյ եւ Իրանի ազդեցութեանց միջեւ պայքարի կրկէս մը: Ան օսմանական-սեֆեւիական պայքարի վերադարձը չբացառեց, եթէ Իրան վտանգը նշմարէ, մասնաւանդ որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնները յստակ ու ուղղակի կերպով ընդդիմութեան զօրակցողի վերածուած են եւ շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրներուն հակասող ձգտումներ կը մատնանշեն, ինչ որ կրնայ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զինուորական պայքարի առաջնորդել, եթէ կացութիւնը իր ներկայ վիճակը շարունակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.