2011-07-21 14:47:52

30 Տարի Անցաւ ՜՜Սիտա՝՝ի Ախտի Յայտնաբերումին, Որ Պատճառ Դարձած է Աւելի Քան 25 Միլիոն Հոգիի Մահուան։


Կիրակի ,17 յուլիսին ( 2011), Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Զ. գիտաժողովը Սիտայի միջազգային ընկերակցութեան։ 120 երկիրներէն եկած աւելի քան 5.500 մասնագէտներ կը մասնակցին գիտաժողովին։
1981ին` առաջին անգամուան համար գիտնականները կը կարողանան բնորոշել ախտին բնոյթը, ի դէպ այս ախտը, այս վերջին 30 տարիներուն պատճառ դարձած է 25 միլիոն հոգիի մահուան, եւ 40 միլիոն հոգի այս ախտէն կը տառապին։ Հարաւային աշխարհամասին մէջ, աւելի քան 10 միլիոն հոգի կարելիութիւն չունին խնամուելու կամ կանխարգիլելու ախտը։ Բարեբախտաբար բժշկութիւնը ներկայիս կարողացած է որոշ յաջողութիւններ արձանագրել կանխարգիլելու՝ ախտին ծաւալումը։
Յայտնենք թէ այդ ուղղութեամբ կաթողիկէ եկեղեցին մեծապէս սատարած է, պայքարելու՝ այս հիւանդութեան ծաւալումին դէմ։
Խումբ մը ժողովականներ 19 յուլիսին առիթ ունեցան այցելելու Գարիթասի երեք խնամատուները, որոնք եղան առաջին կառոյցները սահմանուած սիտայի հիւանդներուն։ Այս երեք կառոյցներու հիմնադիրը եղաւ գերապայծառ Լուիճի տի Լիեկրօ-ն 1988ին։ ֆիտես կաթողիկէ գործակալութեան տեղեկութեան համաձայն կաթողիկէ եկեղեցիունի տասնեակ հազարաւոր սիտայի խնամատարութեան կեդրոններ ։ Իսկ Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովը 2010ին 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար տրամադրած է, 41 երկիրներու 131 սիտայի խնամատարութեան կեդրոններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.