2011-07-20 13:05:14

Կարեւոր Ազդ Հռոմաբնակ Մեր Ազգայիններուն։


Հինգշաբթի 21 Յուլիսին,Հռոմի մէջ,ժամը 18.00ին հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի ծագումով Հայ Ճարտարագէտ Զօրավար Միքայէլ Տիգրան Սիրինիանի նուիրուած , հայ ճարտարագէտի անունը կրող Թռիչքի Մեքենագիտական Գիտաշխատանոցին , Հռոմի ՝՝Սան Մարքօ՝՝ Ծրագրի Հետազօտութեանց Կեդրոնի Պրոլիօ Դահլիճին մէջ։ Հանդիսութեան բացումը պիտի կատարէ Կեդրոնի տնօրէնը Բրոֆ.Գարլօ Ուլիվիէրի,որմէ յետոյ խօսք պիտի առնէ Տիկին Գարինա Տանիէլեան Իտալիոյ Կառավարութեան մօտ Հայատանի Դեսպանի Խորհրդատուն։ Արարողութեան ընթացքին իրենց միջամտութիւնները պիտի կատարեն Տիկին Նազզարէնա Սիրինիան,Փրոֆ.ֆիլիբբօ Կրազիանի, Գնդապետ Ճորճիօ Բրէտոնցանի եւ Փրոֆ. Բաօլօ Թէօֆիլաթթօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.