2011-07-20 13:05:27

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող Ֆրանսական Նաւը։



Իսրայէլեան ծովուժը երէկ պաղեստինցիներուն զօրակցող եւ Կազա ուղղուող ֆրանսական նաւը գրաւեց եւ զայն առաջնորդեց Աշտոտ նաւահանգիստը:

Իսրայէլեան ծովուժէն զինուորներ բարձրացան ֆրանսական նաւը: Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբերին, գործողութեան ընթացքին զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: 17 ճամբորդներ փոխադրող նաւը կիրակի օր յունական ջուրերէն մեկնելու ատեն յայտարարած էր, որ եգիպտական նաւահանգիստ մը կ՛ուղղուի, սակայն աւելի ուշ ըսած էր, որ իր ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի Կազա:








All the contents on this site are copyrighted ©.