2011-07-20 13:00:41

Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին Ներկայացումը։


Միլանոյի մէջ յառաջիկայ տարուայ՝ 2012ի Մայիս 30-էն մինչեւ 3 Յունիս կայանալիք Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումին ներկայացումը եղաւ Վատիկանի մէջ ։ Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումը պիտի սկսի աստուածաբանական ու հովուական գիտաժողովով մը եւ որուն աւարտին համերգ մը պիտի տրուի աշխարհաճանաչ Սքալա նուագասրահին մէջ, անոր պիտի յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկիրպագութիւն Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վերջին երկու օրերուն։ Մամլոյ հաղորդակցութեան ընթացքին ներկայացումը եղաւ հատորի մը որ կը ներփակէ տասը կրօնի դասեր` ՜՜Ընտանիք, Աշխատանք եւ Տօներ'' նիւթին մասին, որպէս նախապատրաստութիւն Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումին, այս առթիւ նաեւ ներկայացուեցաւ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի կայքէջքը. www.familia.va








All the contents on this site are copyrighted ©.