Եգիպտացի Հայագէտը Պարգեւատրուած Հ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մետալով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրամանագիրով եգիպտացի պատմաբան,
հայագէտ եւ ցեղասպանագէտ, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի դասախօս, դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ
պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալով` հայ մշակոյթը եւ պատմութիւնը
արաբական աշխարհին մէջ ներկայացնելու գործին մէջ ունեցած իր նշանակալից աւանդին համար: Մետալի
յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 17 յուլիսին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան
մէջ կազմակերպուած մեծարման երեկոյի մը ընթացքին: Ներկայ գտնուեցան եգիպտացի ականաւոր
մտաւորականներ, գիտնականներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, լրագրողներ,
Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պատասխանատուներ եւ
ուսանողներ, բազմաթիւ եգիպտահայեր: Պարգեւը դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամին յանձնեց Եգիպտոսի
մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի
գիտնականին` քսան տարի շարունակ Հայկական հարցին եւ եգիպտահայ գաղթօճախի պատմութեան հետազօտման
մէջ անոր ունեցած զգալի վաստակին, ինչպէս նաեւ Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու
կեդրոնի աշխատանքներուն նկատմամբ ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան եւ արաբալեզու «Արեգ»
հայագիտական ամսագիրի խմբագրութիւնը ղեկավարելուն համար: Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամի
գործերուն մաս կը կազմեն «Հայ գաղթօճախի պատմութիւնը Եգիպտոսի մէջ» (1999), «Հայկական
հարցը Օսմանեան պետութեան մէջ 1878-1923 թուականներուն» (2002), «Հայերը Եգիպտոսի մէջ
1896-1961 թուականներուն» (2003), «Մարդկային ցեղի ոչնչացում. Ցեղասպանութեան ուխտի նախապատրաստական
աշխատանքներու վաւերական փաստաթուղթերու ուսումնասիրում. 1946-1948 թուականներուն» (2007),
«Վերջին ժխտում. 20-րդ դարու յանցագործութիւն» (2010) եւ արաբերէնով հրատարակուած շարք
մը այլ արժէքաւոր գործեր: