2011-07-20 13:02:04

՜՜Populorum Progressio՝՝ Հիմնարկին Վարչական Խորհուրդի Ժողովը Պրազիլի Մէջ։


Cor Unum - Մէկ Սիրտ Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմնի Հովանիին տակ, 19- 22 յուլիս 2011, Պրազիլի մէջ տեղի կ՛ունենայ Populorum Progressio հիմնարկին վարչական խորհուրդի ժողովը որ ինչպէս ամէն տարի որոշումներ պիտի առնէ Լատին Ամերիկայի եւ Գարայիպեան կղզիներու բնակչութեան օժանդակութիւններ յատկացնելու ուղղութեամբ։Populorum Progressio հիմնարկին վարչական խորհուրդը իր տարեկան ժողովը կը գումարէ Լատին ամերիկայի մէկ երկրի մը մէջ, աւելի մօտէն ճանչնալու ու հետեւելու՝ տեղական եկեղեցւոյ իրողութեան ու պահանջքներուն։ Ժողովը կը նախագահէ Cor Unum հիմնարկի նախագահ Կարտինալ Ռոպէր Սարան։ 19 յուլիսին Ժողովականները մասնակցեցան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեան, իսկ 20 եւ 21 յուլիսին Լատին Ամերիկայի զանազան եպիսկոպոսներ պիտի ներկայացնեն իրենց թեմերու ծրագիրները, որոնք պիտի ենթարկուին վարչական խորհուրդի քննութեան։ Populorum Progressio հիմնարկին ներկայացուած են 19 երկիրներէ 3 միլիոն տոլար արժող 219 ծրագիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.