2011-07-20 13:05:04

«Թուրքիոյ Տեղանուններուն Մեծ Մասը Հայկական Ծագում Ունին » Կը Գրէ «ԹԱՐԱՖ» Թրքական Օրաթերթը։


Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ քարտէսները տպագրուելէ առաջ խիստ գրաքննութեան կ՛ենթարկուին` աւելցնելով, որ աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ աշխարհագրական անուններու այդքան փոփոխութիւններ չեն կատարուած, որքան Թուրքիոյ մէջ:
Օրաթերթը կը յայտնէ, որ տեղանուններու ամէնէն շատ փոփոխութիւններ կատարուած են Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը` Սեւ ծովու ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հարաւ-արեւելքին մէջ, ուր կը գերակշռէ քիւրտ բնակչութիւնը:
Ըստ օրաթերթին, ատիկա իշխանութիւններուն ամէն ինչ թրքացնելու հետեւողական, միտումնաւոր քաղաքականութիւնն է: Իսկ քիւրտերը յամառ կերպով կը պահանջեն վերականգնել հին տեղանունները:
Թրքական օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ թէեւ քիւրտերը, օրինակ` Նորաշէն անունը քրտերէն կը նկատեն, սակայն անիկա հայերէն է եւ կը նշանակէ նոր շինութիւն: «Թարաֆ» նաեւ կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ տեղանուններուն մեծ մասը հայկական ծագում ունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.