2011-07-19 12:49:36

Ս. Աթոռը Եւ Մալեզիան Դիւանագիտական Կապեր Հաստատած Են։


Մալեզիայի վարչապետ՝ Նաժիբ Ռազաքի այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, 18 յուլիսին, առիթ եղաւ որ՝ որոշուի դիւանագիտական կապերու հաստատումը Ս. Աթոռի եւ Մալեզիայի միջեւ, յայտարարած է Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, մատնանշելով որ խօսակցութիւնները սիրալիր մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած են։
Մալեզիայի վարչապետին տեսակցութիւնները Վատիկանի քարտուղարի եւ արտգործ նախարարին հետ, առիթ ընծայեցին շեշտելու միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւններու յոյժ կարեւորութիւնը՝ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, արդարութեան եւ հասկացողութեան հաստատումին ։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը` յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին, մամուլին յայտնած է որ շուտով պիտի նշանակուին դեսպանները թէ Վատիկանի եւ Մալեզիայի մօտ։
Յայտնենք թէ Մալեզիայի վարչապետ Նաժիբ Ռազաք 25 վայրկեան խօսակցութիւն ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ Գասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցին մէջ։ Վարչապետին կ'ընկերանար իր կողակիցը եւ ութը հոգինոց շքախումբ մը, կաթողիկէ նախարար մը, Քուալա Լումպուր թեմի առաջնորդը եւ երկու մահմետական ներկայացուցիչներ։
Նաժիբ Ռազաք 2009ի ապրիլին վարչապետ ընտրուած է։ Ան գլուխն է երկրի մը, որ կը հաշուէ 28 միլիոն բնակիչ, որոնցմէ 56 տոկոսը մահմետական են, կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ 900,000։ Ան իր ուսումը կատարած է կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ։ Հաշտութեան քաղաքականութիւն մը կը վարէ երկրէն ներս յուսալով սատարել ապալարուածութեան վիճակին մահմետականներու եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու միջեւ։
Նշենք որ Ս. Աթոռը ներկայիս դիւանագիտական կապեր հաստատած է 179 պետութիւններու հետ։ Եւ վերջին երկիրը որ հաստատեց դիւանագիտական կապեր անոր հետ եղաւ դաշնակցային Ռուսիան 9 դեկտեմբեր 2009ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.