Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ
Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ
Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային
հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր: Երէկ աւելի կանուխ Հայաստանի արտաքին
գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց շրջանային այցելութեան շրջագիծին մէջ
Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպման
ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային
հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով նախատեսուող քայլերուն վերաբերեալ: Համանախագահները
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին Պաքուի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումներէն
ստացուած տպաւորութիւնները: