2011-07-19 14:41:09

Հիլարի Քլինթըն Թուրքիոյ Խորհրդարանին Կոչ Ուղղած է Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները Վաւերացնելու ։


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որուն հետ այլ հարցերու կողքին քննարկած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
Քլինթըն թրքական ընդդիմութիւնը մեղադրած է հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթը խոչընդոտելու համար, որուն իբրեւ պատասխան Քըլըճտարօղլու զարմանք արտայայտած է:
«Հանդիպումներուս ընթացքին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հարցուցի, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ինչո՞ւ խորհրդարանի օրակարգ չեն մտցուիր: Ինծի պատասխանեցին, թէ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը այդ արձանագրութիւններուն դէմ կ՛արտայայտուի, որուն պատճառով այդ փաստաթուղթերը վաւերացման համար խորհրդարան չեն ներկայացուիր», ըսած է Քլինթըն:
Նշելով, թէ ինք ուղղակի ապշած է Քլինթընի խօսքերէն, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը ըսած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ եթէ փափաքի կրնայ վաւերացման ներկայացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:
« Այս նիւթի կապակցութեամբ կառավարութիւնը մեզի որեւէ տեղեկութիւն չի տրամադրեր: Նոյնիսկ արձանագրութիւններու բովանդակութեան մասին մամուլէն տեղեկացած ենք: Իշխանութիւնները ո՛չ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցերու մէջ կը նախընտրեն մեզի տեղեկութիւն չտրամադրել», ըսած է դեռ Քըլըճտարօղլու:

Թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկութեամբ, Քլինթըն Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Իսկ ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը մերժած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունենալ:
Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քլինթըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման հոլովոյթը վերաթարմացնելու եւ կողմերը շարունակել քաջալերելու: Ան շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումներ ունեցած էր: Անոնց բոլորին հետ ան այլ նիւթերու կողքին նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նիւթը քննարկած է: Ան նշած է, որ ատիկա դարու նախագիծը պիտի ըլլայ:
Քլինթըն Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման եւ Երեւանի հետ Անգարայի վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցներու մշակման ի նպաստ արտայայտուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.