2011-07-19 13:05:47

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ ։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
(Հայ Մանուկը և Աստուածաշունչը պատրաստեց Հրայր Ճէպէճեան,
«Հայ մանուկի տարուան» առիթով). ՝՝Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը սորվեցնել՝՝ ։


Մանուկը կը նմանի սպունգի: Ինչպէս սպունգը կը քաշէ ամէն տեսակ հիւթ, նոյնպէս մանուկը կը ներծծէ ամէն տեսակ տեղեկութիւն: Այս մէկը աւելի եւս շեշտուած է այս դարուն, երբ մանուկը կ՛ապրի շատ աւելի «բացուած» կեանք մը` վայելելով տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռած բոլոր «օրհնութիւնները»:
Ուրեմն, որպէս ծնողք, եկեղեցի ու դպրոց, մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչի մեծագոյն եւ նուիրական իրականութեամբ, թէ` «Աստուած սէր է»:
«Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին ղրկեց, որպէսզի ան, որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննու 3:16):
Մանուկին պէտք է սորվեցնել այն, թէ Աստուած սիրեց աշխարհը` իր ամբողջութեամբ եւ ամբողջականութեամբ, նաեւ սիրեց այս աշխարհին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձ: Բայց Աստուած իր սէրը դրսեւորեց գործնական քայլերով, եւ անոր սէրը անհասանելի եւ անիրականանալի չմնաց: Այդ գործնական քայլը եղաւ այն, որ ինք «մարդացաւ», աշխարհ եկաւ եւ իր կեանքով, նաեւ մահով ու մանաւանդ յարութեամբ «փրկեց մարդը եւ շնորհեց «նոր կեանքը»:
Մանուկը այս դաստիարակութեամբ պիտի սկսի սիրել Աստուած, որուն միջոցով պիտի սիրէ ինքն իր անձը, սակայն երբեք հոն կանգ պիտի չառնէ: Ան նաեւ պիտի սկսի սիրել ընտանիքը, բարեկամները, հայրենիքը, մշակոյթը, պատկանելիութիւնը եւ տակաւին…: «Ամբողջական սիրոյ» այս հասկացողութիւնն է, որ Աստուծոյ սիրով եւ Աստուածաշունչին միջոցով պիտի թրծէ հայ մանուկին նկարագիրը եւ ինքնութիւնը, եւ մանուկը պիտի սիրէ «աշխարհը, ինչպէս Աստուած սիրեց»…:








All the contents on this site are copyrighted ©.