2011-07-18 13:06:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 18 յուլիս 2011, առաւօտեան ժամը 11ին` Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալեզիայի Վարչպետ Տիար Նաժիպ Րազաքի ու իրեն ընկերացող շքախումբին։ Ունկնդրութեան ընթացքին շօշափուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մալեզիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։
Երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը՝ ապագայի համար յոյսի նշան մըն է Մալեզիայի քրիտոնեաներուն, որոնք յաճախ խտրականութեան թիրախ են։
Մալեզեան այսօր կարիքն ունի արդարութեան եւ հաւասարութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար մղելու հաստատած է Հայր Բաօլօ Նիչելլի, ՜՜ ֆիտէս՝՝ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին <<այս գծով պէտք է գնահատուին Նաժիպ Րազաքի ջանքերը փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու յարգանքի ի սպաս։>> Հաստատած է Մալեցիայի մէջ առաքեալ Հայր Բաօլօ Նիչելլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.