2011-07-18 13:31:06

Եզրափակուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի Կինոփառատօնը ։


“Ոսկէ ծիրան” երեւանեան միջազգային 8-րդ Կինոյի փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան առթիւ ` միջազգային ժիւրիները յայտարարեց յաղթողներուն անունները:
Այսպէս Միջազգային խաղարկային շարժանկարներու մրցոյթին “Ոսկէ ծիրան” գլխաւոր մրցանակի արժանացած է իրանցի բեմադրիչ Աղհար Ֆարհատիի “Նատեր եւ Սիմին. Ամուսնալուծութիւն” շարժանկարը, “Արծաթէ ծիրան” ստացած է Փարք Չուն-Պումի “Մուսանեան նօթեր” շարժանկարը, իսկ ժիւրիի յատուկ մրցանակը շնորհուած է Փաուլա Մարգովիչին “Պարգեւը” շարժանկարի համար:
Էքումենիք անկախ ժիւրիի մրցանակը յանձնուած է Քոռնել Գէորգիդայի “Եւրոպոլիս” շարժանկարին:
Յիշեցնենք որ Փառատօնի գլխաւոր հովանաւոր “Վիւասելլ-Էմ.Թի.Էս.” ընկերութեան եւ պետական աջակից Մշակոյթի նախարարութեան շնորհիւ կազմակերպուած “Ոսկէ Ծիրան” փառատօնը այս տարի ներկայացաւ նոր անակնկալներով եւ մասնակից երկիրներու ընդլայնուած աշխարհագրութեամբ: Ներկայացուած 631 յայտէն ընտրուած էր շուրջ 150 շարժանկար: Կազմուած էր մրցութային բազմաժանր ծրագիր: Շարժանկարներէն 67ը կը մրցէին միջազգային չորս մրցոյթներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.