2011-07-18 13:30:50

Ամերիկեան Զօրակցութիւնը ՝ Յունաստանի Պետութեան ։


Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումները Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան տեսակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի, վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի, արտաքին գործոց նախարար Սթավրոս Լամպրինիտիսի, եւ տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի հետ:
Այսօր Երկուշաբթի Գլինթըն կը տեսակցի ՝՝Նոր Հանրապետութիւն՝՝ կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարասի հետ:
Գլինթըն ամերիկեան կառավարութեան զօրակցութիւնը յայտնեց Յունաստանի Պետութեան, համոզում արտայայտելով, որ կառավարութիւնը ճիշդ ուղիի մէջ է: Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնած է նախագահ Պարաք Օպամայի զօրակցական յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
Միւս կողմէ երէկ գիշեր, Աթէնքի կեդրոնէն ներս բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Հ. Քլինթընի այցելութեան դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.