2011-07-17 12:18:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։
Կոչ Օգնութեան Հասնելու Սոմալիայի Մէջ Տիրող Մարդասիրական Ողբերգրական Վիճակին։


Այսօր 17 յուլիս 2011, Միջազգային Արդարութեան Համաշխարհային Օր է.
Այս առթիւ կը նշուի Միջազգային Քրէական Ատեանի Հռոմի Սահմանադրութեան որդեգրութեան օրը, որ տեղի ունեցած էր 1998 յուլիս 17ին։

Կիրակի 17 յուլիս, Ե կիրակի յետ Պենտեկոստէի։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի պատշքամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որմէ առաջ հակիրճ խորհրդածութիւն մը ըրաւ սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին իր խօսքը կեդրոնացնելով <<Աստուծոյ Արքայութեան>> մասին։
Աւետարանի մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Յիսուս առակները կը գործածէ աւետելու համար Աստուծոյ Արքայութեան խորհուրդները։
Օգտագործելով արօրեայ կեանքի պատկերներ Յիսուս մեզի կ՛ուզէ ցոյց տալ իսկական ճանպարհը... Յիսուս Աստուծոյ Արքայութիւնը կը նմանցնէ մարդու մը որ ընտիր սերմ սերմանեց իր արտին մէջ։ Մինչ Մարդիկ կը քնանային, թշնամին ցորենի վրայ որոմ ցանեց ու գնաց։ Յիսուս մեզ կ՛ուզէ զգուշացնել ըլլալու միշտ պատրաստ պահպանելու մկրտութեամբ ստացած շնորհքը` ու սնուցանելու մեր հաւատքը որ արքելք ըլլայ չարին յառաջացումին։

Ապայ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Իմաստութեան Գիրգէն կարդացուած հատուած մը ուր Սաղմոսերգուն կը խօսի Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմութեան մասին ու հրաւիրեց հաւատացեալները նմանելու Աստուծոյ ու աւելցուց <<այս է Յիսուսի կէտնպատակը - եղէք կատարեալ ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է>>։
Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայաապետը յայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը <<օգնելու մեզի հաւատարմաբար հետեւելու Յիսուսի>>։

Այս խորհրդածութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը իր մտաահոգութիւնը յայտնեց Սոմալիայի մարդասիրական ողբերգրական վիճակին հանդէպ ուր բնակչութիւնը նախ ենթկարկուեցաւ երաշտի հարուածին ու ապա` զանազան վայրերու մէջ` ահաւոր ջրհեղեղներ տեղի կ՛ունենան։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց օգնութեան հասնելու <<դժուար կացութեան մէջ ապրող այս եղբայր ու քոյրերուն>>։

Ապայ Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու իրենց վրայ ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.