2011-07-17 08:10:27

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Քոյր Դպրոցներ» Ծրագիրի Իրականացումը Կը Շարունակուի։


2009-էն ի վեր, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու միջեւ «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրը, որուն նպատակն է՝ համատեղ ուսումնական, կրթական ծրագիրներու իրականացումը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս կրթական եւ մշակութային տեղեկատուութեան փոխանակումը, կրթօճախներու, մանկավարժներու եւ աշակերտներու ծանօթացման նպատակով փոխայցելութիւններու կազմակերպումն ու Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպատակով նախատեսուող այլ միջոցառումներու իրականացումը: Այդ առումով, արդէն հայաստանեան եւ սփիւռքեան շուրջ երկու տասնեակ դպրոցներ «քոյր դպրոցներ հռչակուած » են:
Յուլիս 15ին, Երեւանի Վազգէն Ա.ի անուան «N168» դպրոցը, նոյն ծրագիրին ծիրէն ներս, հիւրընկալեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան աշխատակիցները, Հոլանտայի մօտ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի խորհրդական, Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութեան նախագահ Սմբատ Մարտիրոսեանն ու Հոլանտայի Հայ համայնքի շարք մը երիտասարդներ:
Սյս ծրագիրին ծիրէն ներս, «N168» եւ Ամսթերտամի միօրեայ դպրոցներուն միջեւ, ի դէմս համապատասխան կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ Ս. Գալստեանի եւ Ս. Մարտիրոսեանի՝ կնքուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը: Կողմերը փոխանակեցին յուշանուէրներ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ամրապնդելու եւ պահպանելու իրարու նկատմամբ ձեռք բերուած վստահութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.