2011-07-17 08:29:42

Գերապայծառ Չէզարէ Մացցոլարին Իր Մահկանացուն Կնքեց Հարաւային Սուտանի մէջ։


Ռումպէքի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Չէզարէ Մացցոլարին, որ անցեալ 9 յուլիսին իր մասնակցութիւնը բերած էր Հարաւային Սուտանի Անկախութեան Տօնախմբութիւններուն, Շաբաթ օրը, 16 յուլիսի առաւօտուն Համապատարագի արարողութեան մը ընթացքին, սրտի կաթուածի հետեւանքով մահացած է
74 տարեկանին, կը հաղորդէ Սուտանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կայքէջը։
Գերապայծառ Մացցոլարի 1937ի ծնունդ Իտալացի եկեղեցականը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 1962-ին եւ անդամ էր Գոմպոնեան Միաբանութեան։
1981-էն ի վեր իր առաքելութիւնը կը վարէր Սուտանի մէջ եւ 1991-էն ի վեր ալ, Հարաւային Սուտանի Ռումպէք Թեմի Առաքելական Վարիչն էր։
վեց յունուար 1999-ին՝ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ։ 30 տարիներու ընթացքին Գերապայծառ Մացցոլարին քաջաբար ապրած էր իր առաքելութիւնը բաժնեկցելով իր հաւատացեալներուն ցաւերն ու պատերազմի հետեւանքները։ Յանկարծակի մահուան այս լուրը լրջօրէն ցնցեց Ռումպէք Թեմի Հաւատացեալները։
Յուղարկաւարութեան արարողութիւնը նախատեսուած է Ռումպէքի մէջ հինգշաբթի 21 յուլիսին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.