2011-07-16 11:29:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը '' Երիտասարդութեան Համաշխարհային 2011ի Օրուան'' ։
Թող Քրիստոսը Սիրաշահի Երիտասարդներուն Սիրտը։


Հրապուրուիլ Քրիտոսի սիրով։ Այս առաջադրութեամբ է որ երիտասարդները պէտք է մասնակցին յառաջիկայ '' Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան'' ըսաւ Սրաբազան Քահանայապետը ընդունելով Մատրիտի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուքօ Վարելան, եւ իրեն ընկերացող՝ 2011 Օգոստոսի Մատրիտի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան նախաձեռնող յանձնախումբի անդամները։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց որ Տիրամօր հովանիին ներքեւ՝ այս ձեռնարկը պտղաբեր արդիւնքներ տայ ։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը պարզ Հաւաքական հանդիպում մը չէ այլ յատկանշական առիթ մը, ուր աշխարհի երիտասարդութիւնը ինքզինք հրապուրուած զգայ Քրիստոսի սէրէն։ ՜՜Շատ են երիտասարդները՝ որ իրենց հայեացքը ուղղած են դէպի այս գեղեցիկ քաղաքը' հանդիպելու իրարու եւ ուրախութեամբ ու միասնաբար ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը որ միշտ արդիական է, նաեւ՝ մասնակից դառնալու այն հաւատքին որ զիրենք կը միացնէ նոր աշխարհ մը շինելու փափաքով, ներշնչուած՝ Աւետարանի արժէքներէն՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.