2011-07-16 11:37:11

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը Մեծաշուք Տօնակատարութիւն Կը Կատարէ Զմմառու Միաբան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Երանացման 10-ամեակին Առթիւ (2001-2011):


Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Եղած Է Քաջ Հովիւ Իր Հօտին Եւ Նահատակ Քրիստոսի Սիրոյն Համար։

Կիրակի 17 յուլիսի ( 2011) երեկոյեան ժամը 6ին Լիբանանի Զմմառու Արծիւեան Ուխտի Հայկաշէն դարաւոր վանքին մէջ, մեծ շուքով կը յիշատակուի երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման 10-րդ տարեդարձը։
Արդարեւ տասը տարի առաջ, 7 Հոկտեմբեր 2001-ին՝ երջ. ՅՊԲ քահանայապետը, Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ՝ կատարած էր Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսի երանացման արարողութիւնը ։

Զմմառու Միաբանութիւնը նախատեսած է Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւն մը, ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ՝ մարոնիներու նորընտիր պատրիարք՝ Գերերջանիկ Պշարա Ալ-Ռայիին: Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութեան ընթացքին, հայերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով աղօթքներ կ՛արտասանուին, ապա խօսք կ՛առնէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ու ապա արաբերէնով օրուան պատգամը կը կատարէ Մարոնիներու Ալ Ռայի Պատրիարքը անդրադառնալով՝ Իգնատիոս Մալոյան գերապայծառի կենցաղին, ու 1915-ի Մեծ Եղեռնի ատեն անոր հերոսական նահատակութեան։
Հոգեւոր արարողութենէ ետք նախատեսուած է նաեւ ճաշկերոյթ մը ի պատիւ բարձրաստիճան հիւրերուն։

Ո՞վ էր Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը։
Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան, ծնած էր Մարտին՝ 15 ապրիլ 1869-ին։
1891-1896, դաստիարակութիւնը կը ստանայ Զմմառու մէջ։
7 յուլիս 1896-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ ու կը պաշտօնավարէ Եգիպտոսի մէջ 1898-1904 եւ Կ. Պոլիս` 1905-1910։
22 հոկտեմբեր 1911-ին Մարտինի վիճակաւոր կ՛անուանուի եւ 6 մայիս 1912-ին՝ որպէս առաջնորդ, կը ստանձնէ իր թեմին հովուական պատասխանատուութիւնը:

Ի հեճուկս իր հիւանդութիւններուն եւ վիրաբուժական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` համատարած աղքատութեան ու իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան, Մալոյեան մշակեց ծրագիրներ իր վիճակին արտաքին ու ներքին վերանորոգութեան համար:
Անոնցմէ հինգ գլխաւորները լուծում պիտի բերէին եկեղեցական, կրօնական, կրթադաստիարակչական, ազգային եւ ընկերային տագնապներուն ու պիտի յառաջացնէին վերածաղկում մը… սակայն ընդհատուեցան զանազան պատճառներով։
Հոս նշենք թէ՝ 20 ապրիլ 1915-ին, Մալոյեան ակամայ ընդունեց պարգեւատրուիլ Օսմանեան կայսրութեան բարձր շքանշանով:
Ապրիլ 24-ը հանդիսացաւ արիւնագիր թուականը Մեծ Եղեռնին:
Ապրիլ 30-ին խուզարկուեցան Մարտինի եկեղեցին ու առաջնորդարանը, եւ գրաւուեցան անոնց դիւանը, տոմարները եւ Մալոյեանի նամականին:
Մայիս 1-ի՝ Մարեմեան Ջերմեռանդութեան աւարտին, Մալոյեան առաջնորդը իր շուրջ հաւաքեց իր վարդապետները, ու անոնց կարդաց իր հոգեւոր կտակը` որ է. ՜՜Հաւատարմութիւն կրօնքին եւ ազգին՝՝։ Անոնք ամբողջ գիշերը անցուցին վարդարանի աղօթքով եւ հսկումով:
Յունիս 3-ին՝ Ս. հաղորդութեան օրը, Մալոյեան գերապայծառը մեծ արարողութեամբ կատարեց ՜՜Տիրոջ Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնը՝՝ որ նաեւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 19-րդ տարեդարձն էր: Քաջ առաջնորդը, որ կտրուկ կերպով մերժած էր փախուստի կամ ապաստանի առաջարկները, ձերբակալուեցաւ գիշերը իր վարդապետներուն եւ թեմին աւագանիին հետ:
Յունիս 4-11 օրերու ընթացքին հոգեւորական եւ աշխարհական բանտարկեալները ենթարկուեցան հարցաքննութիւններու եւ տանջանքներու, անոնք այդ եօթը ցերեկները եւ գիշերները անցուցին աղօթելով ու հսկելով:
Արդ՝ բանտը դարձած էր աթոռանիստ եկեղեցի, որուն անկիւններն ալ դարձան խոստովանարաններ:
Վարդարանն իրենց ձեռքին` անոնք կ՛աղօթէին եւ կ՛երգէին միասնաբար:
Առաջնորդը կը քաջալերէր բոլորը` հաւաքաբար եւ առանձնաբար:
Մալոյեան յունիս 9-ին հրաժեշտ առաւ բանտ այցելած իր մօրմէն, որը իր կարգին, 17 յուլիսին սպաննուեցաւ:
Հինգշաբթի, յունիս 10-ին, մահուան, «ճանապարհ խաչի» խաչուղիին, Մալոյեան հովիւը կատարեց «Վերջին ընթրիքը», ան սրբագործեց ունեցած հացը, զոր վարդապետները բաժնեցին բոլոր մահապարտներուն:
Ուրբաթ, յունիս 11-ի Յիսուսի սրտին տօնին` առանձին տեղ մը տարուած առաջնորդը, որ խիստ մերժողական պատասխան տուած էր հաւատուրացութեան առաջարկին, գնդակահարուեցաւ։

Նահատակութեան պայմաններուն վերաբերեալ գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ. այդ մասին վկայաբանական կարեւոր գրութիւն մը ունի ասորի կղերական մը, որը հիմք հանդիսացաւ անոր երանացման դատին:
Վատիկանի կողմէ Եղեռնին զոհ գացած նահատակ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանի երանացումը տեղի ունեցաւ 7 Հոկտեմբեր 1901-ին՝ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առթիւ ։












All the contents on this site are copyrighted ©.