Գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճէրոթթիի Անուանումը որպէս Պիելորուսիայի Առաքելական Նուիրակ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Չիլէի նոր առաքեալական Նուիրակ անուանած է գերապայածառ
Իվօ Սգաբոլոն որ մինչեւ օրս եղած էր Րուանտայի առաքեալական նուիրակը։ Սրբազան Հայրը
նաեւ անուանած է Գերպայածառ Գլաուտիօ Կուճէրօթթին որպէս Պիէլորուսիոյ Առաքեալական Նուիրակ։
55-ամեայ Իտալացի Գերապայածառ Կուճէրօթթին՝ 2002 էն վեր կը վարէր Վրաստանի , Հայաստանի
եւ Ազըրպէճանի Առաքելական Նուիրակի Պաշտօնը։ Ան երկար տարիներու ընթացքին, աշխատած էր
նաեւ Արեւելեան Ժողովի մէջ եւ հմուտ է հայ եկեղեցւոյ պատմութեան։Գերապայածառ Կուճէրօթթին
որպէս Պիէլորուսիոյ Առաքելական Նուիրակ կը յաջորդէ Գերապայծառ Մարթին Վիտովիչին։