2011-07-15 13:26:40

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Այսօր կը խօսինք Վատիկանի Ձայնասփիւռի Գերմանական Յայտագրի Մասին։


Ամէն օր յետ միջօրէի ժամը 16-ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի ալիքներէն կարելի է ունկնդրել գերմաներէն լեզուով տեղեկութիւնները։ Ռատիովատիկանը գերմաներէն լեզուով իր սփռումները սկսած է 30 ական թուականներուն եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ Ռատիովատիկանը ու մանաւանդ Գերմանական յայտագիրը կարեւոր դեր ունեցած է սփռելով Քահանայապետին ՜՜ խաղաղութեան պատգամները՝՝։
1940-ի յունուարին է որ գերմանական յայտագիրը սկսաւ ունենալ կանոնաւոր հաղորդում մը. եւ այդ պատերազմի դժուար տարիներուն Հայր ֆրէտէրիք Միւքրմաննի նախաձեռնութեամբ՝ սկիզբ առաւ <<անհետացած անձերու>> նուիրուած հաղորդաշարը։ 1940-էն մինչեւ 1946-ը, 1.240,728 կորսուած անձերու անուններով անուանացանկ մը սփռուեցաւ ռատիոկայանի այս յայտագիրի ընթացքին։
Պատերազմէն ետք Գերմանիան բաժնուեցաւ երկու մասերու այս շրջանին եւս Գերմանական յայտագիրը անցուց դժուար պահեր։ Տրուած ըլլալով որ Գերմանիան եւ Գերմանական Զուիցերիան բողոքականութեան օրրանը եղած են, գերմանական յայտագրի սփռումները կեդրոնացան համամիութենական նիւթերու շուրջ։

Ներկայիս Գերմանական յայտագիրի անձնակազմը ունի 4 գերմանացի լրագրողներ, նաեւ մէկ աւստրիացի, մէկ զուիցերացի ու մէկ հիւսիսային Իտալիոյ sudtirol - ի լրագրող։ Տեղեկատուական հաղորդումէ զատ Ռատիովատիկանի գերմանական բաժինը ունի <<խորաքննիչ>> յայտագիր մը։
1977-ին, նախաձեռնութեամբ՝ այն ժամանակուայ գերմանական բաժնի տնօրէն՝ Հայր Հէյրիխ Սէկուրի, ծնունդ առաւ Ռատիովատիկանի գերմաներէն լեզուի ունկնդիրներու ընկերակցութիւն մը, իսկ 1990-ին ծնունդ առաւ Ռատիովատիկանի Գերմանական Բաժնի Բարեկամներու ընկերակցութիւնը, որոնք կ՛օժանդակեն Ռատիոյի ամէնօրեայ աշխատանքին։ Գերմանական յայտագիրը Ռատիովատիկանի առաջին յատագիրն է որ ամէնօրեայ <<զեկուցագիր>> մը սկսած է հրատարակել , որուն կարելի է անդամակցիլ անվճար եւ ուր կարելի է գտնել Վատիկանի եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ ամէնօրեայ լուրերը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի CTV հեռուստակայանի գերմաներէն լեզուով պատրաստուած տեղեկութիւնները։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Գերմանական յայտագրին կը հետեւին գերմանացի շատ մը լրագրողներ, ու ուրիշ Կաթողիկէ տեղական շատ ռատիոներ կը վերասփռեն Գերմանական յայտագրի հաղորդումները՝ գերմանիա, Զուիցերիա, Աւստրիա եւ Սուտթիրոլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.