2011-07-15 13:27:17

Խրուաթիոյ Եպիսկոպոսներու Ժողովը Հաշուեկշիռ Ներկայացնելու Սրբազան Քահանայապետին Այցելութեան Մասին


Անցեալ 4 եւ 5 յունիսին Պենետիկտոս ԺԶ. հովուական այցելութիւն կատարած էր Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրէպ, ուր հանդիպումներ ունեցած էր կառավարական եւ կրօնական համայնքներու անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ իր մասնկացութիւնը բերած էր երիտասարդներու հետ աղօթքի հսկումի ու՝՝Ընտանիքներու Ազգային՝՝ հաւաքին։ Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը Զակրէպի Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ, աղօթած էր Երանելի Կարտինալ Ստեփինաչի դամբարանին առջեւ։ Երանելի Ստեփինաչ որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 1998ին արժանացած էր խորաններու պատւոյն։
Սրբազան Քահանայապետի այս առաքելական ճամբորդութենէն մէկ ամիս ետք, չորեքշաբթի 13 յուլիսին Խրուաթիոյ եպիսկոպոսները Ժողով մը գումարած են հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու նպատակով։
Ժողովը նախագահեց Խրուաթիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Մարին Սրաքիչ արքեպիսկոպոսը մասնակցութեամբ՝ Վատիկանի Նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Րոպէրթօ Գասսարիի։ Իր զեկոյցի ընթացքին գերապայծառ Սրաքիչը անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան ու այս այցելութեան արձանագրած արձագանգներուն, ըլլայ Խրուաթիոյ մէջ ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, նշելով՝ Նորին Սրբութեան այցելութեան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներու յաջող ընթանալը մանաւանդ երիտասարդներու խանդավառ մասնակցութիւնը։ Խրուաթիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը ապա կարդաց Սրբազան Քահանայապետի խրուաթիոյ եպիսկոպոսներուն ուղղած շնորհակալութեան նամակը։ Եպիսկոպոսաց հաւաքը ապա անդրադարձան Պենետիկտոս ԺԶ-ի ճառերուն եւ քարոզներուն պարունակութեան ու հրաւէր ուղղեցին հաւատացեալներուն, խորացնելու՝ Սրբազան Հօր պատգամները, աշխատելու երկրի հասարակաց բարիքի համար։ Ժողովականները ապա ուսումնասիրեցին Ուտպինայի Խրուաթ Նահատակներու նուիրուած եկեղեցւոյ կառուցման գործընթացքը որուն օծումը նախատեսուած է յառաջիկայ 10 սեպտեմբերին, ու քննարկեցին նաեւ Աստուծոյ ծառայ` երիտասարդ նահատակ քահանայ Միրոզլավ Պուլէզիչի երանացման դատի գործընթացքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.