2011-07-15 13:29:35

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ռուսիոյ Ջանքերուն Համար Պարաք Օպամա Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ՝ Սերկէյ Լաւրովին։ Լաւրովի տեսացկութիւնը Հիլարի Գլինթընի Հետ՝Սուրիոյ Մասին։


Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
Օպամա Լաւրովին շնորհակալութիւն յայտնած է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրուած Ռուսիոյ ջանքերուն համար: Ան յատուկ կերպով ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու պարտաւորութիւնը շրջագծային համաձայնագիրին մէջ որոշակի ձեռքբերումներու հարցին մէջ:
Ռուսիա Դէմ Է Պաշշար Ասսատ-ի Մեկուսացումին։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա այն տեսակէտը ունի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց նկատմամբ, որ Սուրիոյ կացութիւնը պէտք է լուծել քաղաքական համապարփակ եւ առանց որեւէ մէկը բացառելու քաղաքական երկխօսութեան ձեռնարկելով:
Ան յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատը ու անոր համակիր ուժերը մեկուսացնելուն, որովհետեւ Ասսատ, հակառակ բազմաթիւ սխալներ գործելուն, մինչեւ հիմա բարեփոխումներ կատարելու մտադրութիւն ցոյց կու տայ, արդէն երկու առիթով համաներում շնորհեց եւ երկրին մէջ ազգային երկխօսութեան հոլովոյթի ձեռնարկեց:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Ասատի հետ երկխօսութիւնը չմերժելու, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդին շահերուն չհամապատասխանող լիպիական կացութիւնը չկրկնուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.