2011-07-14 13:41:48

Վրացական Խորհրդարանի Ետ Քայլը։


Հասարակական ճնշումներուն դէմ չերթալով` նախանցեալ օր Վրաստանի խորհրդարանը դարձեալ փոփոխութիւններ կատարեց շաբաթ մը առաջ փոխուած Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ` մասնակիօրէն վերցնելով անցեալին կրօնական շարք մը համայնքներուն, որոնց շարքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տրուած կարգավիճակները:
Առաջին փոփոխութիւններով կրօնական համայնքներուն տրուած էր հանրային իրաւունքի իրաւաբանական անձի կարգավիճակ. ըստ այդ փոփոխութեանց, կրօնական համայնքը կազմակերպութիւն է որ ՝՝անկախ՝՝ պետական վերահսկողութենէն կ՛իրականացնէ քաղաքական, պետական, ընկերային, լուսաւորչութեան, մշակութային եւ հանրային այլ գործունէութիւններ: Բայց ահա նոր փոփոխութիւններով` կրօնական համայնքները իրաւունք կը ստանան արձանագրուելու իբրեւ կրօնական կազմակերպութիւններ:
Առաջին փոփոխութիւններով օրինագիծին դէմ արտայայտուած էր Վրաստանի Իլիա Բ. պատրիարքը, անկէ անմիջապէս ետք մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ սկսած էին հանրահաւաքներ, որոնց ընթացքին կը հնչէին հիմնականին մէջ հակահայ յայտարարութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.