2011-07-14 13:02:30

Կրօնաբարոյական հարցեր
Սկզբնական մեղքը


Ուսուցանելէ ետք թէ Աստուած որքան մեծ մտերմութեան կը հրաւիրէ մարդը, Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ թէ մարդկային առաջին սերունդը, իր սխալով` ինքզինք զրկեց այս գերբնական պարգեւէն զոր Աստուած իրեն շնորհած էր. Իսկ սերունդներու զօրակցութեան օրէնքով` եկող բոլոր սերունդները կորսնցուցին այս մեծ շնորհքը։
Դժուարին ճշմարտութիւն մըն է այս, որ շատեր կը գայթակղեցնէ եւ ուրիշներ ալ` քրիստոնէութիւնը այս պատճառաւ անընդունելի կը գտնեն։ Որով մենք նախնական այս սխալին կամ մեղքին պատճառաւ մինչեւ այսօր կը տառապինք աշխարհի վրայ։ Ոմանք նոյնիսկ կ՛ամբաստանեն զԱստուած թէ շատ կարծր գտնուած է մարդոց հանդէպ։
Ինչու՞ Ան ընտրեց, այնքան կարելի մարդկութիւններուն մէջէն` մարդկութիւն մը զոր ինք լաւ գիտէր թէ պիտի մեղանչէր, Ինչու՞ մէկ մարդու յանցանքով դատապարտեց բոլորը, որոնք անմեղ էին, ինչու՞ թողուց որ առաջին սերունդէն իսկ իր ստեղծած գործը փճանար այս ձեւով։
Պատասխանելով այս բոլոր հարցերուն` յիշելու ենք նախ եւ առաջ որ Աստուած ուզեց ստեղծել այնպիսի էակներ որոնք իրեն օգնէին իր ստեղծագործութեան կատարելագործումին մէջ, կամաւոր կերպով, արժանի ըլլալու համար յաւիտենական երանութեան. Տալով այս ազատութիւնը մարդուն` նովին գործով զինք կը կացուցանէր կարող իրեն ընդդիմանալու եւ մեղանչելու անհնազանդութեամբ իր ծրագրին։
Մարդկութեան մը մէջ` որուն թիւը ապագային պիտի հասնէր միլիառներու, ինչ որ պարագան է այսօր, անպայման պիտի գտնուէին մարդիկ որոնք, նման իրենց նախնեաց, պիտի չհնազանդէին Աստուծոյ կամքին։ Այսօր կրնանք հաստատել թէ նոյնիսկ մեծամասնութիւնը մարդոց կը գործածէ իր ազատութիւնը սանձարձակ ապրելու համար, Աստուծոյ օրէնքին դէմ գործելով. Հազիւ փոքրամասնութիւն մը կը կազմեն անոնք որոնք իրենց ազատութիւնը կը գործածեն բարիին ուղղութեամբ։
Ինչ ալ ըլլայ մարդկութիւնը զոր ստեղծած է Աստուած, միշտ իր ծոցին մէջ պիտի ունենար մեղաւորներ, այսինքն անձեր որոնք իրենց կեանքի այս կամ այն րոպէին` պիտի որոշէին հակառակիլ Աստուծոյ դրած օրէնքներուն, եւ այսպէսով դէմ պիտի կենային անոր նախագծած ծրագրին։ Ուստի մեղքը անխուսափելի էր մարդկութեան պատմութենէն, այնպէս որ սկզբնաւորութեան կամ վերջը` մարդ պիտի իյնար անոր մէջ։
Լաւագոյն կարելի աշխարհը, ըսած է Պարդման, մեծ աստուածաբան մը, անիրականալի գաղափար մըն է. Կարելի է միշտ մտածել լաւագոյն աշխարհի մը մասին, սակայն որքան որ այդ աշխարհը եւ այդ մարդկութիւնը ստեղծուած էակներ են, անոնք կը մնան միշտ անկատար։ Աստուած էր որ միակ կատարեալ էակն է. Իր ստեղծագործութիւնն ալ կատարեալ է, սակայն ստեղծուած էակը` ինք անկատար կը մնայ, որովհետեւ սահմանափակուած է։
Ուստի եթէ Աստուած ստեղծեց այս ներկայ աշխարհը եւ ոչ ուրիշ մէկը, ապահով ըլլալու ենք որ ան կը նախատեսէր իր գործին մէջ` այնպիսի բարիքներ ոըոնք ստացուած չարիքներուն բաղդատմամբ` անհամեմատօրէն աւելի բազմաթիւ պիտի ըլլային եւ պիտի ծածկէին անոնց ժխտական բաժինը։ Մարդ արարածը եթէ կարող է մեղքի, շնորհիւ իր ազատութեան, ան կարող է նաեւ հերոսական գործերու եւ ամէն տեսակի բարեգործութիւններու։
Մեր յաջորդ հաղորդումին` պիտի անդրադառնանք մեր նախածնողին` Ադամի եւ Եւայի գործած մեղքի մասին, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած հետեւանքներուն շուրջ մարդկային բոլոր գալիք սերունդներուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.